2011-06-23 12:51:49

Նախագահ Սերժ Սարգիսեան Սթրազպուրկի Մէջ Զգուշաւոր Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Գծով։


Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով նիստին ընթացքին շուրջ մէկ ժամ տեւած ելոյթին եւ հարցում-պատասխանին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման, Քազանի մէջ 24 յունիսին տեղի ունենալիք հանդիպման, Հայաստանի մէջ արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու կարելիութեան, 2008 թուականի յետընտրական արիւնոտ իրադարձութիւններու նախաքննութեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերուն:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին եւ վաղը Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման մասին` Սերժ Սարգսեան նշեց, որ դժուար է վստահութեամբ ըսել, որ բանակցութիւնները միայն դրական արդիւնքներ պիտի ունենան, բայց ինք Քազան կը մեկնի լաւատեսութեամբ լեցուած` փափաքելով , որ ընդհանուր յայտարար մը ստեղծուի:
Ըստ անոր, Քազանի մէջ քննարկուելիք փաստաթուղթը «ի հարկէ հայկական կողմին երազած փաստաթուղթը չէ», բայց «կարելիութիւն կու տայ ձեռնամուխ ըլլալու մեծ հիմնական համաձայնագիրի ստորագրման, համաձայնագիրի նախապատրաստման աշխատանքներուն:

Պատասխանելով վեհաժողովի պատուիրակներէն մէկուն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Հայաստան կը հրաժարի մասնակցիլ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնախումբի աշխատանքներուն, նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ անհասկնալի է, թէ ի՛նչ ակնկալիք ունի վեհաժողովը այդ յանձնախումբէն:
Ըստ Նախագահին ենթայանձնախումբը որեւէ կարելիութիւն չունի բանակցային հոլովոյթի մանրամասնութիւններուն տիրապետելու: Ան նշեց, որ ենթայանձնախումբը պատմական որեւէ յիշողութիւն չունի, ան չի տիրապետեր նախորդ հանգրուաններուն եւ չի կրնար օգտակար որոշում տալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.