2011-06-23 12:48:42

Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնը։


Այսօր հինգշաբթի 23 Յունիս Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը։

՝՝ցանկանալով ցանկացանք՝՝ այս խօսքերով Յիսուս հաստատեց սիրոյ խորհուրդը՝Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Հացին գոյութիւնը փոխարկեց խաչուած բայց փառաւորուած իր իսկ Մարմնին։ Արդարեւ Ան ըրաւ այն ինչ որ արդէն նախապէս ըսած էր Կափառնաումի մօտ,պատճառ դառնալով շատերուն իրմէ հեռանալուն։ ՝՝ Ես եմ կենդանի հացը երկնքէն իջած,եթէ մէկը այս հացէն ուտէ՝յաւիտենական պիտի ապրի՝՝....

Եկեղեցւոյ մասնայատուկ պաշտամունքը Սուրբ Հաղորդութեան նկտամամբ կը հիմնուի նոյն ինքն Քրիստոսի Վարդապետութեան վրայ։ Երկնային հացի ճառին մէջ Տէրը արդարեւ կ՝ըսէ ՝՝ Ես եմ կեանքի հացը՝՝ եւ նոյն ճառին մէջ կ՝ըսէ նաեւ ՝՝՝ Եթէ չուտէք մարդու Որդիի մարմինը եւ չճաշակէք անոր արիւնը, կեանք չունիք ձեր անձին մէջ՝՝։
Իր մարմնով եւ արիւնով Յիսուս կ՝ուզէ իրականացնել ,եւ հաւատացեալներուն ապրումին տալ մօտիկ միութիւնը իրենց Փրկչին հետ։ ՝՝Ով որ կը ճաշակէ իմ մարմինս եւ կ՝ըմպէ իմ արիւնս կը բնակի իմ մէջս եւ ես անոր մէջ՝՝։

Յիսուս Հաղորդութեան հաստատութիւնը չկատարեց իբրեւ յիշատակելի դէպք մը,այլ տուաւ նաեւ իր առաքեալներուն ու Եկեղեցւոյ, Պատուէրը զայն կրկնելու դարթ դար,մինչեւ աշխարհի կատարածը,որպէսզի հաւատացեալները ճաշակեն զայն իբրեւ աղբիւր Սրբութեան։ Յիսուս կը պատուիրէ Առաքեալներուն ՝՝ ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար՝՝։

Առաքելական եւ յետ- առաքելական անմիջական շրջանին արարքը կը կոչԷին ՀԱՑԻ ԲԵԿԱՆՈՒՄ, ապա կոչեցին զայն ԳՈՀՈՒԹԻՒՆ , ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ կամ ՍՈՒՐԲ ԶՈՀ եւ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուեցաւ 1264 թուականին,որպէս հետեւանք 1263-ին Իտալիոյ Պոլսենայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Հրաշքին։

Այս տօնի առթիւ յիշենք նաեւ Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը որ 1915ի Մայիս ամսուայ սկիզբները, իր 420 ընկերներուն բաժնած է Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ ամէնքն ալ քաջաբար դաւանած են իրենց հաւատքը եւ մերժած՜մահմէտական դառնալը։ Ուստի բոլոր դարերու մարտիրոսները նախ ջանացած են ՝՝ճաշակել՝՝ Յիսուսի Մարմինը եւ ապա նետուիլ արիւծներու բերանը կամ թէ դահիճներու առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.