2011-06-23 12:47:41

Կարտինալ Անճելօ Սգոլա Կը Մասնակցի Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնին Ծիսակատարութեան։


Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ Լատերանեան Ս. Յովհաննէս պազելիքայի մէջ տեղի ունեցած ծիսակատարութեան կը մասնակցի, այլ եկեղեցականներու շարքին՝ նաեւ կարտինալ Անճելօ Սգոլա` Վենետիկի պատրիարքը, որ նախապէս , ժամը 15-ին բացումը կատարեց Լատերանեան համալսարանի միջազգային գիտաժողովին. ''համալսարանը եւ գիտութիւններու գրաւը, ի՞նչպիսի ապագայ'' բնանիւթով ։
Կարտինալը իր արտասանած զեկոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ''Ի՞նչպիսի համալսարան, ի՞նչպիսի մարդու համար, ճանաչումի դիմագրաւութիւն բազմաընկերութեան մէջ՝՝ նիւթին։ Գիտաժողովին մասնակցեցան Հռոմի քաղաքապետը` Ալեմաննօ, գաւառապետը՝ Ծինկարեթթի, Լացիոյի նահանգապետը՝ տիկին Բոլվերինի, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ լուսաւորութեան նախարարը տիկին Ճելմինին։








All the contents on this site are copyrighted ©.