2011-06-23 12:50:00

Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ ''Մարդու Իրաւունքներու Ուխտաւոր''։


Այս Առթիւ ՄԱԿի Կողմէ Պատուոյ Երեկոյթ Մը Տեղի Կ՝ունենայ։
Աւելի քան 1000 հանրաճանաչ անձնաւորութիւններ ներկայ գտնուեցան Ժընեւի ՄԱԿի աթոռին մօտ տեղի ունեցած երեկոյթին՝ որ նուիրուած էր '' Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ .ին պաշտպանը Մարդու իրաւունքներուն '' ։ Այս առթիւ կազմակերպուած էր նաեւ դրոշմաթուղթերու ցուցադրութիւն մը նուիրուած ՜՜Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին ու անոր ճամբորդութիւններուն՝՝ ։
Բարիգալուստի պատգամին մէջ, Ժընեւի առաքելական նուիրակը գերապայծառ Թոմազին ըսաւ որ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. իր քահանայապետութեան առաջին քայլերուն իսկ նկատուեցաւ որպէս ''Մարդու Իրաւունքներու'' պաշտպան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.