2011-06-22 12:32:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


՜՜Աղօթքին Նշանակութիւնը՝՝ Նիւթին Մասին ։
Չորեքշաբթի 22 յունիս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի նշանակութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը այսօր խօսեցաւ սաղմոսագիրքին մասին` աղօթքի գերագոյն գիրքը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Յառաջիկայ չորեքշաբթի օրը , հերթական օրերուն ընթացքին կ'ուզեմ իմ խորհրդածութիւնները կեդրոնացնել սաղմոսներու վրայ։ Սաղմոսագիրքը, որ կը ներփակէ 150 սաղմոսներ, աղօթքի գերագոյն գիրքն է։
150 սաղմոսները կը դրսեւորեն բարդութիւնը մարդկային փորձառութեան զգացական ամբողջ ելեւէջներով. ուրախութիւն եւ ցաւ, երջանկութիւն եւ յուսալքում, առանձնութեան վախը եւ մահ, կեանքի լիութիւնը, Աստուծոյ ծարաւը ու անարժանութեան զգացումը։
Գրական զանազան ոճերով, աղօթող ունի, հայցողի դիրք՝ երբ ան անձկութեան եւ յուսալքումի մէջ է ու օրհնաբանութեան` ստացուած պարգեւին համար, որ կը ցոլացնէ Աստուծոյ ողորմութիւնը` միշտ պատրաստ ներումին։
Սաղմոսերգուն, տրուած Իսրայէլին եւ ապա Եկեղեցւոյ, որպէս Աստուծոյ խօսքը։ Սաղմոսները կը գովաբանեն Տիրոջ շնորհքը դիւրաբեկ մարդու վրայ։
Դաւիթ` թագաւոր ''ըստ Աստուծոյ սրտին'', մեսիանական դիմագիծ է, որուն հրէական աւանդութիւնը կը վերապահէ սաղմոսներու մեծագոյնը։ Բազմաթիւ սաղմոսներ յիշուած են Նոր Կտակարանին մէջ։ Քրիստոսի զատկական խորհուրդը նոր լոյս կը սփռէ սաղմոսներու վրայ։
Յիսուսով, որ սաղմոսները իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին, կը գտնեն իրենց վերջնական լրումն ու ամբողջական իմաստը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, մեզի կը յայտնեն Հօր Աստուծոյ դիմագիծը։ Այսպէսով սաղմոսներու աղօթքը կ'ընդլայնէ մեր հորիզոնը ներշնչուած իրադրութիւններու վրայ։ Որպէս Աստուծոյ որդիներ կ'աղօթենք Հօր, Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսի հետ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, քաջալերելով զանոնք որ սաղմոսներու մէջ գտնեն անսպառ ոյժը քրիստոնեական կեանքին։ Բոլորին կը մաղթեմ բարի ուխտագնացութիւն, եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ. հուսկ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներու ու նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ երեքշաբթի օրը եկեղեցին յիշատակեց սուրբ Լուի Կոնզակայի տօնը, թող անոր օրինակը ու բարեխօսութիւնը խրախուսէ ամէնքս արժէքաւորելու աւետարանական մաքրութեան առաքինութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը նաեւ յիշեցուց ըսելով. հինգշաբթի օրը` (23 Յունիսին) Տօնն է Մարմնոյ եւ Արեան, եւ ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս ժամը 19-ին հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցանեմ Լատերանեան հրապարակին վրայ, որուն աւարտին տեղի կ'ունենայ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը, անցնելով Մերուլանա փողոցէն մինչեւ Տիրամօր աւագ տաճարը։ Կը հրաւիրեմ Հռոմի հաւատացեալները եւ ուխտաւորները Ս. հաղորդութեան պաշտամունքին, որ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի մեծագոյն գանձն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.