2011-06-22 12:34:47

Չինաստան - Սարկաւագներու Եւ Քահանաներու Ձեռնադրութիւն։
՜՜Եկեղեցւոյ համար յոյսի նշան է՝՝։


Վերջերս Չինաստանի եւ Թայուանի մէջ սարկաւագներու եւ քահանաներու զանազան ձեռնադրութիւններ տեղի ունեցան։ Ասիկա լիապէս կ'ուրախացնէ սիրտը կաթողիկէ հասարակութեան, որով Եկեղեցւոյ համար յոյսի նշան է։
''Պէտք էք հաւատալ ձեր տուած քարոզներուն, պէտք է սորվեցնէք հաւատքը եւ գործադրէք ձեր տուած ուսուցումը'' ըսաւ Շանկ-Հայի ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը իր խօսքը ուղղելով եօթը նոր սարկաւագներուն, որոնք ձեռնադրուեցան Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնին նախօրեակը, աւելի քան հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Նախապէս` 31 մայիսին Շանկ-Հայի եպիսկոպոսը ձեռնադրած էր երկու կուսակրօն քահանաներ, որոնք իրենց անդրանիկ պատարագը մատուցին 1 յունիսին։
Քարոզին մէջ նոր ձեռնադրուած քահանան ըսաւ . ՜՜ուրախ եմ որ իմ առաջին պատարագը կը մատուցեմ մանուկի համաշխարհային օրուան առթիւ, որովհետեւ կ'ուզեմ միշտ մանուկ մնալ յաչս Տիրոջ, պահելով անարատ եւ մաքուր սիրտ մը, պարզ ու բարի, միշտ ի սպաս բոլորին Տիրոջ կամքին համաձայն՝՝։
Իսկ Թայուանի թեմին մէջ , գերապայծառ Բեդըր ձեռնադրեց երեք սարկաւագներ։ Ան իր քարոզին մէջ խրախուսեց ծնողները ու երիտասարդները անսալու Տիրոջ կանչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.