2011-06-22 12:35:47

Յունաստանի Խորհրդարանին կողմէ՝ այո ,Բայց Հրապարակին կողմէ՝ ոչ ....


Լարուած վիճակի մը մէջ, երէկ գիշերուան ժամը 12-էն ետք, հելլէն խորհրդարանէն ներս ամբողջացաւ կառավարութեան գործին հանդէպ վստահութեան քուէի՝ քուէարկութիւնը:
155 երեսփոխան թեր քուէարկեցին ,իսկ 143 դէմ, 298 երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի վրայ։Նոյն պահուն սակայն, դուրսը, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, 29րդ օրն ըլլալով «վրդոված»հէլլէն քաղաքացիները համախմբուած էին եւ մեծ պաստառներու վրայէն կը հետեւէին քուէարկութեան արդիւնքներուն, իրենց կարգին «անվստահութեան քուէ» տալով կառավարութեան կողմէ որդեգրուած ծրագրին:
Հէլլէն «Վրդովածներ»ը կը յայտարարեն թէ պիտի շարունակեն համախըմբումները, մինչեւ Յունիս վերջ, բուռն կերպով հակառակելով կիրարկուած քաղաքականութեան դէմ:
Աշխատաւորական համա-հելլէնական սենտիքան յայտարարած է թէ 48 ժամուան ընդլայնուած գործադուլ պիտի կազմակերպէ յառաջիկային:








All the contents on this site are copyrighted ©.