2011-06-22 12:35:35

Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանուր Աբբահայր՝ Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Երկուշաբթի, 20 յունիսին (2011) Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր հայր Եղիա Ծ. վրդ. Քիլաղպեանը` ընկերակցութեամբ իր եղբօր` Սարգիս Քիլաղպեանի:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան թէ՛ Վիեննայի եւ թէ՛ Վենետիկի կեդրոններուն միջեւ գոյութիւն ունի եղբայրական ոգիով լեցուն երկար տարիներու գործակցութիւն մը։
Կիլիկիոյ հայրապետները այցելած են այս երկու կեդրոնները եւ մեծ շուքով ու պատիւով հիւրընկալուած:
Աբբահօր այցելութիւնը վեհափառին առիթ մը եղաւ խօսելու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու յատկապէս երկու միաբանութիւններուն միջեւ առաւել գործակցութիւն յառաջացնելու կարելիութիւններուն մասին: Վեհափառը շեշտեց որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը` մեր հաւաքական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:










All the contents on this site are copyrighted ©.