2011-06-22 12:34:24

Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային 25րդ Գիտաժողովը Եւ Քահանայապետական Անունումներ։


Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային 25րդ Գիտաժողովը
Երեքշաբթի 21 յունիսի առաւօտեան ժամը 11.30 Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ.ի անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած Ազգային 25րդ գիտաժողովը որ տեղի պիտի ունենայ Անգոնայի մէջ յառաջիկայ 3 - 11 սեպտեմբեր։ Ներկայացումը կատարեցին Անգոնայի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Մէնիքէլլին` Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Մշակութային Ձեռնարկներու պատասխանատու Տոքթ. Վիթթորիօ Սոցցի, փրօֆ ճովաննի Մորէլլին եւ Հայր Իվան Մաֆֆէյսը։


Քահանայապետական Անունումներ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրը, 22 Յունիսին անուանեց Գըիվ -Հալիչ-ի Աւագ Արքեպիսկոպոս Ըզվիաթոզլավ Շէվչուք-ը անդամ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին ։ Իսկ Գերապայծառ Տանիէլ Գոզելինսքի Նէթթո-ն Առաքելական Հոգաբարձու՝Պուէնըս Այրէսի Ուկրանացիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.