2011-06-22 12:34:39

՜՜Ս. Հաղորդութեան Երկիրպագութեան՝՝ Մասին Խորհրդաժողով՝ Վատիկանի մէջ։


՜՜Քաջալերելու Ս. Հաղորդութեան մշտատեւ երկիրպագութիւնը աշխարհի մէջ՝՝ ։
Յունիս 20-23 Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը Ամենասուրբ Հաղորդութեան Երկիրպագութիւնը նիւթին մասին, նախաձեռնութեամբ ամենասուրբ Հաղորդութեան կրօնաւորական միաբանութեան։
ֆրանսայի ֆրեժիւս թեմի առաջնորդի գնահատումով՝ Ամենասուրբ Հաղորդութեան Երկիրպագութիւնը առաջին նախապայմանն է նոր աւետարանութեան։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցին 6 կարտինալներ եւ աւելի քան 300 եպիսկոպոսներ ու քահանաներ։ Կլոր սեղանին, նախատեսուած են 14 դասախօսութիւններ, պատարագ եւ ամենասուրբ հաղորդութեան երկիրպագութիւն բոլոր գիշերուան ընթացքին։ Խորհրդաժողովը կ'եզրափակուի հինգշաբթի 23 յունիսին Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, մասնակցելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ս. Յովհաննէս Լատերանեան պազելիքայի մէջ մատուցանելիք պատարագին եւ որուն պիտի յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը մինչեւ Հռոմի Աւագ Տիրամօր տաճարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.