Նոր Ենթաքարտուղար Մը Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդին։ Պենետիկտոս ԺԶ
Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Կալինտօ-ն որպէս ենթաքարտուղարը աշխարհականներու քահանայապետական
խորհուրդին։ Ան կը փոխարինէ տիար Գառիքիրին՝ Օփուս Տէյի անդամ, որ իր կարգին նշանակուած
է քարտուղար Լատինամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբին։ Գերապայծառ Կալինտօ պատասխանատուն
է Ճի-Էմ-Ճի երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու կազմակերպութեան։
Հարաւ-Արեւելք
Ասիայի ազգերու ընկերակցութեան մօտ, առաջին անգամուան համար նշանակուած է առաքելական
դեսպան մը։ Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց Գերապայծառ Ճիռելլին որպէս քահանայապետական
ներկայացուցիչը Հարաւ-Արեւելքի Ասիայի ազգերու ընկերակցութեան մօտ։ Գերապայծառ Ճիռելլի
արդէն առաքելական դեսպան է Սինկափորի եւ Արեւելեան Թիմօրի պետութիւններու մօտ։