2011-06-21 12:42:41

Սուրիոյ Նախագահ Ասսատ Կը Խօսի Դաւադրութեան Մասին Տամասկոսի Դէմ Եւ Կկը Վերարծարծէ Բարենորոգումները,Բայց կը Շարունակուին Բողոքները.....


Երկու ամիս տեւող լռութենէ մը ետք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ երէկ իր խօսքը ուղղեց Ազգին,վերարծարծելով նոյն խոստումները քաղաքական բարեփոխութիւններու հայող ,ինչպէս որ ըրած էր իր նախկին միջամտութիւններու ընթացքին։ Ասսատ Տամասկոսի համալսարանէն ուղղակի եթէրով իր խօսքը ուղղեց Սուրիացիներուն, բայց առանց ճշդելու օրացոյց մը ,փոփոխութիւններու իրականացումին համար,եւ իր ճառին մէջ նաեւ չյիշեց Սուրիոյ մէջ դէպքերու սկիզբէն ի վեր սպաննուած աւելի քան 1.300 սուրիացիները ։
Նախագահի ճառէն անմիջապէս ետք փողոց իջան ցուցարարները ի նպաստ ժողովրդավարութեան՝Տամասկոսի եւ Հալէպի արուարձանները եւ Հոմս-ի մէջ։ Ասատ երէկուա ճառին մէջ Թուրքիա գաղթախ սուիրացիներուն կոզ ուղղեց որպէսզի անոնք վերադառնան Ժըմըր Շուղուր,եւ զինեալ աւազակախումբերը ամբաստանեց Սուրիան քանդելու եւ անոր կայունութիւնը քայքայելու յանցանքով` աւելցնելով, որ երկիրը խափանարարական արարքներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքայիններու եւ բանակայիններու շարքին «նահատակներու» արձանագրութեամբ դժուար օրերէ անցած է:

Ասսատ յայտնեց, որ գոյութիւն ունին ծայրայեղականներ, որոնք ազատութեան եւ կրօնի անունով քաոսային վիճակ կը ստեղծեն: «Անոնք արդիական զէնքեր եւ հաղորդակցութեան միջոցներ ունին», նշեց ան:
Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ սահմանադրութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի` անոր կարգ մը կէտերը բարեփոխելու կամ նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրելու համար` նշելով, որ կարելի է բարեփոխել սահմանադրութեան յօդուածներ, ներառեալ` 8-րդ յօդուածը, ըստ որուն, Պաաս կուսակցութիւնը կը ղեկավարէ երկիրը:

Տամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քապիչենքօ յայտնեց, որ Ասսատին ճառը ապագային համար քաղաքական ծրագիր մըն է եւ աւելցուց.«Սուրիա ապագայ լուծումներու բանալին է»:
Թուրքիոյ նախագահի քաղաքական խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիլ իր կարգին «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ Թուրքիա Ասատի ճառին կը սպասէ` շեշտելով, որ սուրիական վարչակարգը արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար մէկ շաբթուան պայմանաժամ մը ունի, որմէ ետք սուրիական ղեկավարութեան որեւէ օժանդակութիւն կարելի չէ տրամադրել:

Իսկ թրքական «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»հեռուստակայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը պատրաստուի յառաջիկային Տամասկոս ուղարկել յատուկ բանագնաց մը, որ Անգարայի կողմէ Ասսատին պիտի ներկայացնէ շարք մը պահանջներ, որոնց շարքին` անյապաղ պաշտօնանկ ընել իր եղբայրը` 4-րդ զօրաբաժինի հրամանատար Մահեր Ասատը, բարեփոխումներ կատարել, խաղաղ ցոյցերը արտօնել, բանտերէն ազատ արձակել Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան անդամները եւ երկրին մէջ ապահովել խօսքի ազատութիւնը: Անգարան Ասսատին երաշխիքներ պիտի տայ, որ եթէ Մահեր Ասատ հրաժարի, դատական հետապնդումի պիտի չենթարկուի:

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացառեց Ռուսիոյ կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ Սուրիան դատապարտող բանաձեւի մը զօրակցութեան կարելիութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.