2011-06-21 12:44:46

Միջազգային Oasis Հիմնարկի Համագումար Վենետիկի Մէջ


Միջազգային Oasis Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ 20 - 22 յունիս Վենետիկի մէջ տեղի կ՛ունենայ համագումար մը <<Միջին Արեւելք Դէպի ու՞ր>> թեմայով։ Համաժողովին ելոյթ կ՛ունենան միջազգային գետնի վրայ ծանօթ մասնագէտներ եւ վկաներ, մանաւանդ եպիսկոպոսներ ու աշխարհականներ ժամանած արաբական երկիրներէն՝ ինչպէս Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Փաքիստանէն եւայլն։ Համագումարի նպատակակէտն է ուսումնասիրել ու խորացնել արաբական <<գարունի>> եղելութիւնը ու յատկապէս միջին արեւելքի քրիստոնեաներու վրայ անոր ազդեցութիւնը։ Համագումարի բացումը կատարեց Վենետիկի Պատրիարքը՝ Կարտինալ Անճէլօ Սգոլա։
Երեքշաբթի 21 յունիսին Համագումարի մասնակցողները հանդիպում ունեցան Վենետիկի քաղաքապետ Ճորճօ Օրսոնիի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Վենետիկի Սգոլա Պատրիարքը, Աղեքսանդրիոյ Պատրիարք Անթոնիոս Նակիպ, Թիւնիզի Արքեպիսկոպոս Մարուն Լահհամ, Հալէպի գաղտէացիներու եպիսկոպոս՝ Անթուան Աուտօ եւ այլ եկեղեցականներ Միջին Արեւելքէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.