2011-06-21 12:43:27

Հնդկաստանի Եպիսկոպոսներու Հնգամեայ Կանոնական Այցը։


Կրօնաւորներու Դերը Աւետարանութեան Մէջ։
Իր Խօսքը ուղղելով հնդիկ 22 եպիսկոպոսներուն Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց կրօնաւորներու դերը աւետարանութեան մէջ, եւ խրախուսեց եպիսկոպոսները ըլլալու օրինակելի տիպարներ թէ կղերին թէ աշխարհականներուն։
Կրօնաւորները` այրեր թէ կիներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, իրենց աղօթասիրութեամբ, դաստիարակութեամբ եւ եղբայրօգնութեամբ, եզակի սատար մը բերած են Հնդկաստանի աւետարանութեան։ Կրօնաւրները իրենց խարիզմներով կարողացան ամրապնդել եւ հզօրացնել եկեղեցական բոլոր հասարակութիւնը։
Ապա Սրբազան հայրը ընդգծեց եպիսկոպոսներուն դերը ու քաջալերեց զանոնք ըլլալու ճշմարիտ վկաները եւ օրինակը քրիստոնէական հաւատքի ու ապրումի։ Դուք կանչուած էք ըլլալու սպասաւորները միութեան, որպէսզի ձեզի յանձնուած Աստուծոյ ժողովուրդը ապրի կատարեալ հաղորդութեան մէջ։ Եպիսկոպոսը կանչուած է աւելի սերտօրէն համագործակցելու իր քահանաներու հետ, գոհացում տալու անոնց հոգեւոր կարիքներու ու ակնկալութիւններուն, հոգեւոր, մտաւորական ու նիւթական բարօրութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.