2011-06-21 12:43:51

Հակիրճ Լուրեր


17 յունիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնախումբին նիստը` յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ:
Քննարկուեցան 2011-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
Յանձնախումբի անդամները նշեցին որ անհրաժեշտ է միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը հրաւիրել ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակի աշխատանքները սահմանափակելու իրողութեան վրայ եւ բարձրացնել գերիներն ու անյայտ կորսուածները հայրենիք վերադարձնելու աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը:

Երեւան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց պաղեստինեան Ալ-Ֆաթահ շարժումի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար, նախկին արտաքին գործոց նախարար Նապիլ Շաասը:
Անդրադառնալով հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւններուն` Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի նախագահը` իբրեւ պետութեան ղեկավար առաջիններէն էր, որ տակաւին 2000 թուականին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ռամալլա եւ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարութեան հետ:
Նապիլ Շաաս ներկայացուց այս տարուան սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ Պաղեստինի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ նախատեսուող քուէարկութեան ընդառաջ տեղի ունեցող գործողութիւնները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքի խնդիրի լուծման վերաբերող հարցերուն մէջ Հայաստան մշտապէս հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերած է: Պաղեստինեան պատուիրակութիւնը Հայաստանի աջակցութիւնը խնդրեց Պաղեստինի անկախութեան հռչակման հոլովոյթին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.