2011-06-21 12:43:00

՜՜Դպրեվանքը Մարդիկը Առաքեալ Կը Դարձնէ Ու Ծառայութեան Կը Կոչէ՝՝ Կ՝ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։


Երկուշաբթի 20 Յունիսին ( 2011) երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 81-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը , Դպրեվանքի ՙԲրաբիոն Տումանեան՚ հանդիսասրահին մէջ, Պիքֆայա, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Դպրեվանքի տեսչութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ յայտագրի հիման վրայ, կատարուեցաւ Աւետարանէն եւ ՙՆարեկ՚ աղօթամատեանէն ընթերցում մը զոր կատարեցին Ընծայարանական սարկաւագները: Ապա, երգախառն կատարումով, Դպրեվանքի երգչախումբը ներկայացուց Միսաք Մեծարենցի քերթուածներէն կատարուած համադրում մը, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մակար Վրդ. Աշգարեանի: Յանուն շրջանաւարտներուն, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նորընծայ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Աշըգեան՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Վեհափառին, տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնք անցնող ինը տարիներուն մեծ դեր ունեցան իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ: Տեսչական տեղեկագիրով Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան անդրադարձաւ անցնող տարեշրջանին կատարուած ուսումնական-կրթական աշխատանքին՝ յատկապէս յիշելով տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն գործունէութիւնը, ուսանողութեան եկեղեցական, կրթական եւ ընկերային առօրեան եւ ի վերջոյ այս տարուան հունձքը, որ չորս նորընծայ աբեղաներով կու գայ զօրացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան շարքերը: Ան նշեց նաեւ որ երկու քահանայացուներ ալ կ’աւարտեն իրենց ընթացքը, մէկը Ս. Ընծայարանէն, իսկ միւսը՝ քահանայից պատրաստութեան դասընթացքէն: Տեսուչ Սրբազանը շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ Դպրեվանքին նիւթապէս զօրավիգ կանգնած բոլոր բարերարներուն, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք կը սիրեն Դպրեվանքը ու կը գուրգուրան անոր վրայ: Ապա, Տեսուչ Սրբազանը հրաւիրեց Վեհափառը բաշխելու վկայականները եւ տալու իր հայրապետական պատգամը: Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ գնահատեց յայտնի կամ անյայտ բարերարները յատկապէս յիշելով Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, Փիւնիկ հիմնադրամը եւ Խ. Պապիկեան ֆոնտը: Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, անոր Դպրեվանքին ու Միաբանութեան առաքելութեան: ՙԴպրեվանքը մարդ առաքեալ կը դարձնէ ու ծառայութեան կը կոչէ-ըսաւ ան-մենք միշտ ըսած ենք ու կրկնութեան սիրոյն պիտի յիշեցնենք դարձեալ, թէ որակին կը հաւատանք եւ ոչ թէ քանակին՝՝: Ապա թելադրեց միշտ Դպրեվանքը տանիլ իրենց հետ, իբրեւ ոգի, իբրեւ գիտութիւն եւ իբրեւ ծառայութիւն, անկէ ճառագայթող լոյսը ի սպաս դնելով մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու իմացական լուսաւորման: Ապա Դպրեվանքի տեսչութիւնը ընդունելութեամբ պատուեց ներկայ հանդիսականները:











All the contents on this site are copyrighted ©.