2011-06-20 13:00:11

Սուրիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները Նեցուկ Կը Կանգնին Նախագահ Ասսատին։


Մելքիթներու պատրիարք Լահամէն ետք, բազմաթիւ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ եւ յիսուսեան կրօնաւորներ հրապարակաւ յայտնեցին որ նեցուկ կը կանգնին Սուրիոյ նախագահ Ասատին. Դամասկոսի յոյս կաթողիկէ արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Թապէյը, ինչպէա նաեւ Հալէպի գաղտիացիներու առաջնորդը գերապայծառ Օտօ, մասնաւորապէս քննադատած են օտար մամուլի կամայական արձագանքը երկրի ներքին խռովութիւններու մասին։ Եկեղեցականները իրենց կոչին մէջ կը գրեն. ՜՜Կ'ուզենք յեղարշումը եւ ոչ թէ յեղափոխութիւնը։ Մենք փոփոխութեան հետ ենք պայմանաւ որ անիկա կ'ենթադրէ աշխարհիկ պետութիւն մը հիմնուած հասարակաց բարիքին, հաւասարութեան, արդարութեան ու բռնութեան նուաճումին վրայ՝՝։ Ներկայիս՝ Սուրիա թիրախ է միջազգային քաղաքականութեան շահերուն։ Գերապայծառ Թապէի գնահատումով Սուրիոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնը Սուրիոյ նախագահին հետ է։ Սուրիոյ եկեղեցին կը նախընտրէ հանրավարական դրութիւնը, որպէսզի երկիրը թիրախ չդառնայ ծայռայեղ մահմետականներու։ Սուրիան պիտի կարենայ բարեփոխութիւններ կատարել առանց կրելու միջազգային ճնշումները։
Մելքիթներու Լահամ պատրիարքը իր կոչին մէջ խստիւ քննադատած է Արեւմուտքը. հաստատելով որ Սուրիոյ մէջ չկայ ճշմարիտ յեղափոխութիւն, կը փորձուի ներկայիս պատերազմ գրգռել կրօնական հասարակութիւններու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.