2011-06-20 13:02:42

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ընդունեց Արաբիոյ Թերակղզիի Եպիսկոպոսները


Ուրբաթ օրը առաւօտուն Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արաբիոյ թերակղզիի երկիրներու առաքելական նուիրակները. զուիցերացի գերապայծառ Հինտեր եւ գերապայծառ Բալլին։ Այս ունկնդրութիւնը տեղի կ'ունեայ Արաբիոյ առաքելական նուիրապետութեան վերակազմութենէն ետք, որ տեղի ունեցաւ անցեալ 31 մայիսին։ Արաբիոյ առաքելական նուիրապետութիւնը տարածութեամբ աշխարհի մեծագոյնն է կը հաշուէ շուրջ 3 միլիոն քլմդ քառակուսի եւ ունի 500.000 հաւատացեալ։ Անիկա կը ներփակէ՝ Պահրէյն, Քաթար, Քուէյթ, Սէուտական Արաբիան, Արաբական միացեալ էմիրաթները, Օմանը եւ Եէմէնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.