2011-06-20 13:01:22

Այսօր 20 Յունիս Փախստականներու Միջազգային Օրուան Առիթով՝ Հայաստանի Մէջ Կը Կայանան Տարբեր Ձեռնարկներ։


2001ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը 20 Յունիսը հռչակած է փախստականներու միջազգային օր: Այս տարի կը նշուի նաեւ 1951ին ընդունուած փախստականներու կարգավիճակին մասին համաձայնագիրի 60-ամեակը: Այս օրը Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ ձեռնարկներ ինչպէս Իտալիոյ մէջ` նշելու Փախստականներու Միջազգային Օրը:
Այս տարի Երեւանի մէջ ձեռնարկներու շարք մը նախաձեռնած է «Հայ Յառաջադէմ Երիտասարդութիւն» կազմակերպութիւնը` համագործակցելով UNITED For Intercultural Action ցանցի հետ որուն անդամ են եւրոպական շուրջ 550 կազմակերպութիւններ։
Ձեռնարկի հիմնական նպատակն է բարձրացնել հայ երիտասարդներու գիտակցութիւնը փախստականներու իրաւունքներու եւ խնդիրներու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անոնց ուշադրութիւնը սեւեռել ժամանակակից աշխարհի ամենակարեւոր ու հիմնական խնդիրներէն մէկուն վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.