2011-06-19 13:03:26

Ֆրանսացի Նոր Երանուհի Մը։ Քոյր Մարկրիթ Ռութան


Կիրակի 19 Յունիս, Տաքս-ի քաղաքապետութեան մէջ (ֆրանսա) Երանուհի հռչակուեցաւ Մարկրիթ Ռութան,ուխտեալ մայրապետը՝ Սուրբ Վինկէնտիոս Տէ Բաօլիի Գթութեան Քորերու Միաբանութենէն։ Երանացման արարողութիւնը գլխաւորեց Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը,որ միաժամանակ կը ներկայացնէր Պենետիկտոս ԺԶ, Սրբազան Քահանայապետը։
Մարկրիթ Ռութան կը ծնի Մէթզ (ֆրանսա) 1736-ին,15 քոյր-եղբարներու ութերորդը ,21 տարեկանին մուտք կը գործէ Փարիզի Գթութեան Քոյրերու Միաբանութենէն ներս։ Տասը տարի անցնելէ յետոյ Բաու-ի Վանքը, եւ այլ միաբանութիւններու մէջ, Տաքս կը փոխադրուի 1779-ին։ Թեմի եպիսկոպոսը Սուրբ Վինկէնտիոսի անուան այս Միաբանութենէն կը խնդրէ ստանցնել Սէնթ Էութրոփի նոր կառուցուած հիւանդանոցի պատասխանատուութիւնը ։ Մայր Մարկրիթ որպէս մեծաւորուհի,եւ որպէսզի հիւանդանոցը լաւ գործէ կը տրամադրէ այն ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է կառոյցին, շինել տալով միաժամանակ մատուռ մը,երկու դասասրահներ մին աղջկանց համար,իսկ միւսը տղամարդոց համար,հիմնելով նաեւ թողլքուած օրիորդներու համար հիւրընկալութեան տուն մը։
1792-ին սակայն մայրապետները գողութեամբ ամբաստանուելով կը բանտարկուին (ֆրանսայի մէջ այդ շրջանը կը կոչուի Պետական Ահաբեկչութեան տարիները1793էն-1794 ,գլխաւորութեամբ Ռոպեսբիէրի)։ Քոյր Մարկարիթ մահուան կը դատապարտուի ֆրանսայի Յեղափոխական ատեանի կողմէ 9 ապրիլ 1794-ին, եւ նոյն օրը իսկ կը գլխատուի քահանայ Ժան Էութրոփ Լաննէլոնկ-ի հետ միասին. Անոնց մարմինը ապա կը նետուին հասարակաց փոսերու մէջ վեղարաւոր կրօնաւորներու գերեզմանը ։
Նշենք որ 20 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ առաջին Սուրբ Պատարագը ի պատիւ Նոր Երանուհիին որ պիտի մատուցէ Էիր եւ Տաքս Թեմերու Եպիսկոպոսը Գերապայծառ ֆիլիբ Պրէթոն մասնակցութեամբը Սուրբ Վինկէնտիոսի Միաբանութեան անդամներուն եւ Թեմի հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.