2011-06-19 13:19:32

Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 19 յունիս 2011 առաւօտլան Սան Մարինոյի մարչադաշտէն` յետ պատարագի Սուրբ Զոհին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որմէ առաջ հակիրճ խօսք մը ուղղեց Սան Մարինօյի եւ Մոնթեֆելթրոյի Թեմի հաւատացեալներուն զանոնք յանձնելով Տիրամօր հովանիին ու շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որ համագործակցեցան լաւագոյնօրէն կազմակերպելու այս օրը։
Ապա Սրբազան քահանայապետը յիշեց ֆրանսայի Տաքս քաղաքի մէջ այսօր տեղի ունեցած Քոյր Մարկէրիթ Ռութանի երանացման արարողութիւնը ու անդրադարձաւ անոր սրբակեաց կենցաղին` յայտնելով - ֆրանսերէն լեզուով - իր հոգեւոր մասնակցութիւնը այս արարողութեան։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դիտել տուաւ որ երկուշաբթի 20 յունիսին կը նշուի Գաղթականներու Համաշխարհային օրը ու այս տարի - ըսաւ ան - գաղթականներու պաշտպանութեան համաշխարհային համաձայնագիրը կ՛ ամբողջացնէ իր 60րդ տարեդարձը արդ կը հրաւիրեմ բոլոր քաղաքական եւ ընկերային գործիչները ինչպէս նաեւ ամէն բարի կամք ունեցող անհատ հիւրնկալ ըլլալու գաղթականներու հետ անոնց ապահովցնելով վայելուչ կեանք մը մինչեւ իրենց երկիր վերադառնալը։
Հուսկ Սրբազան Հայրը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ու ապա ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը զոր այժմ լսելի կ՛ընենք.








All the contents on this site are copyrighted ©.