Թուրք Յայտնի Քրոնիկագիր Պասքըն Օրան դարձեալ Մահուան Սպառնալիք Ստացած։
՝՝Պիանէթ՝՝ լրատու կայքէջը կը հաղորդէ որ թուրք յայտնի քրոնիկագիր ,հայերու ի նպաստ
բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Պասքըն Օրան վերջերս դարձեալ մահուան սպառնալիք ստացած
է ԹԻԹ կոչուած հիմնարկութեան մը անունով Թիւրք Ինթիքամ Թուկայը ՝՝Թրքական Վրիժառութեան
Ջոկատ՝՝ ։ Պասքըն Օրան չորրորդ անգամն է որ այս հաստատութենէն կը ստանայ սպառնական
նամակ իսկ հարիւրաւոր սպառնալիքներ ստացած է նաեւ իրենք զիրենք ՝՝ զգայուն հայրենակից՝՝
յորջորջող անձերէ։ Այս նամակներուն հեղինակներուն դէմ դատական իշխանութիւնները ոչինչ
ըրած են ցարդ,հակառակ որ ամէն անգամ Պասքըն Օրան կը դիմէ,դիմած է դատախազութեան ու նաեւ
յանցագործութեան գանգատ կը յղէ։ ՝՝ Եթէ դատական համակարգը այսպէս շարունակէ,ես ալ այպէս
շարունակ նոր սպառնալիքներ կը ստանամ՝՝ ըսած է Պասքըն Օրան