2011-06-18 12:43:23

Հայ Մեծ Բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի Մահուան 40-րդ Տարելիցը։


Քառասուն տարի առաջ 17 Յունիսին կը վախճանէր հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներէն Պարոյր Սեւակը։ Ան եղած էր Լիարժէք հայու եւ իրաւատէր քաղաքացիի Սիրոյ, լոյսի ու արդարութեան իմաստախոյց եւ խռովասոյզ բանաստեղծը։ Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան, ծանօթ՝ Պարոյր Սեւակ անունով, ծնած էր 26 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր «Զանգակատուն» կը կոչուի, ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին։ Ան եղաւ Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց հայ գրողի գիտական պատրաստութիւնն ու բանասիրական¬մշակութային հարուստ պաշարը։
Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը աւարտեց 1945ին՝ Խորհրդային Հայաստանի Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ընդունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։ 1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ Երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հրապարակախօս։
Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունէր։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ «Անհաշտ Մտերմութիւն» (1953), «Սիրոյ Ճանապարհ» (1954), «Նորից Քեզ Հետ» (1957), «Անլռելի Զանգակատուն» (1959), «Մարդը Ափի Մէջ» (1962), «Եղիցի Լոյս» (1971) եւ «Ձեր Ծանօթները» (1971) գործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած «Սայաթ¬Նովա» մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմեն հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։
Իր գրական ստեղծագործութիւններով ու համարձակախօս հրապարակագրութեամբ՝ Սեւակ մարմնաւորեց քսաներորդ դարու Իրաւատէ՛ր Քաղաքացիի հայ ազգային կերպարը։ Մարդկային Սիրոյ, Ճշմարտութեան Լոյսի եւ Լիիրաւ Արդարութեան իմաստախոյզ վերծանողը եղաւ։ Ամէն բանէ աւելի Կեղծիքի դէմ պայքարեցաւ, սեփական թերիներուն եւ փորձութիւններուն անկեղծ խոստովանութեամբ ապրեցաւ, որպէսզի Վկան դառնար Մարդ Էակի մնայուն ճիգին՝ բարձրանալու ազնուացման ու վեհութեան դժուարին բարձունքն ի վեր։ Սեւակի արժէքով մեծութիւններ ծնող Հայկեան Հանճարը կարելի չէ լռեցնել։
Սեւակի բացակայութեան այս քառասուն տարիներուն, նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ մեր ուղին շարունակ լուսաւորեց Սեւակեան անսպառ հաւատքը Հայո՛ւ լիարժէքութեան հանդէպ, անխախտ հաւատքով երկնուած այն պատգամով, որ է՝
Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում,
Բայց մեզ էլ գիտենք -
Մեզ հա՜յ են ասում։
Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք…
Կա՛նք։ Պիտի լինե՛նք։ Ու դեռ - շատանա՜նք։
Եւ այս հաւատքով , մեր մէջ եւ մեզի հետ կ՚ապրի քառասուն տարի առաջ ապաժամ հայ կեանքէն պոկուած Պարոյր Սեւակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.