2011-06-18 12:45:43

Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Հայաստանը «ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՂ» եւ «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ» Կոչող Ազրպէյճանցի Լրագրողին Դիտողութիւն Կատարած։


«Tert.am» կը հաղորդէ, որ 16 Յունիսին, տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ դիտողութիւն կատարած է ազրպէյճանցի լրագրողի մը, որ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին վերաբերեալ իր հարցումին մէջ Հայաստանի համար օգտագործած է «բռնագրաւող» եւ «նախայարձակ» ածականները
Ռուս պաշտօնատարը անոր հարցումին պատասխանելէ առաջ յայտնած է. «Նախ եւ առաջ պիտի ուզէի մեր գործընկերներէն խնդրել, որ զգուշ ըլլան իրենց օգտագործած բառապաշարին: Օգտագործուած ձեւակերպումները ճիշդ չեն, իսկ հոլովոյթին զգայնութիւնը նկատի առնելով` ամբողջովին անընդունելի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.