2011-06-17 12:24:35

Տնտեսութեան ու ֆինասաւորումի Միջազգային Պատասխանատուներու Ժողովը Վատիկանի Մէջ, ''Սէրը Ճշմարտութեան Մէջ'' Շրջաբերական Թուղթի Հրապարակումին Երկրորդ Տարեդարձին Առթիւ։


Յունիս 16-18 Վատիկանի գիտութեանց կաճառի կեդրոնի մէջ տեղի կ'ունենայ տնտեսութեան եւ ֆինանսաւորումի միջազգային պատասխանատուներու ժողովը, մասնակցութեամբ՝ գործատէրերու, վաճառականներու եւ տնտեսագէտներու, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթին հրապարակումին երկրորդ տարեդարձին առթիւ։ Ժողովը կը գումարուի հովանաւորութեամբ՝ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի։ Ժողովին բացումը կատարեց Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ եւ ապա ելոյթ ունեցաւ կարտինալ Թիւրքսոն նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։ Հուսկ խօսք առաւ ԱՄՆի՝ Հաուարտ համալսարանի դասախօս՝ Անտի Ծելէք, որ խօսեցաւ երկրագունդի տնտեսական իրավիճակին մասին, ֆինանսական տագնապէն ետք։ Հանդիպումին՝ ժողովականները իրենց խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնեն Սրբազան Քահանայապետի երրորդ շրջաբերական թուղթի տուեալներու վրայ. ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' որպէս մղիչ ոյժը ամէն անհատի ճշմարիտ բարգաւաճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.