Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Ծնած Են Աւելի Քան 16 Հազար Երախաներ։
Ընթացիկ տարուան Յունիս 1ի դրութեամբ՝ հանրապետութեան մէջ ծնած են 16,365 երեխաներ,
որուն 8073ը Երեւանի մէջ: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հանրապետութեան մէջ
ծնած էին 17,508 երեխաներ , որուն 6064ը Երեւանի մէջ: Ըստ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան
մամլոյ բաժինին, 2011 Մայիսին Երեւանի ծննդատուներուն մէջ ծնած են 1693 երեխաներ , որոնց
ինը՝ արտերկրէն, իսկ 429ը՝ մարզերէն: Նշենք, որ հանրապետութեան մէջ 2008 Յուլիս 6-էն
սկսեալ կը գործէ ծննդօգնութան հաւաստագիրներու համակարգը, որուն շնորհիւ ծննդաբերութիւնը
կ՛իրականացուի անվճար: Ընթացիկ տարուան Յունուար 1-էն սկսեալ անվճար կ՛իրականացուի
նաեւ 0-7 տարեկան երեխաներու բժշկական օգնութիւնը: