2011-06-17 12:26:27

Իրաւա-ֆինանսական Համաձայնագիր Իսրայէլի Եւ Ս. Աթոռի Միջեւ։


Նշանակալից յառաջդիմութիւն մը կատարուեցաւ Ս. Աթոռի եւ Իսրայէլի խառն յանձնախումբի լիանիստ ժողովին։ Վատիկանի գրասենեակը անդրադառնալով եղելութեան, հաղորդագիր մը հրապարակած է մատնանշելով որ ժողովը տեղի ունեցաւ Վատիկան, 14 յունիսին՝ բաց, բարեկամական եւ կերտիչ մթնոլորտին մէջ։ Վատիկանի պատուիրակութիւնը կը նախագահէր գերապայծառ Պալեսդրերօ իսկ Իսրայէլինը` արտգործ նախարար Այլոն։ Նշենք թէ ժողովին նիւթն է. ուսումնասիրել կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Երկրի մէջ ունեցած ինչքերու տուրքերուն թղթածրարը, հիմնուելով 1993-ի՝ հիմնական համաձայնագրին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.