2011-06-17 12:25:49

Ընտանիքի Հովուութեան Ազգային Հաւաք Պոկոթայի Մէջ։


Գոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք կեդրոնին մէջ յունիս 16-18 տեղի կ'ունենայ Ընտանիքի հովուութեան ազգային հաւաքը, որուն կը մասնակցին թեմերու ներկայացուցիչները, ընտանիքի հովուութեան գործիչները եւ ընտանիքի օգնութեան հասնող ընկերակցութիւններու նախագահները։ Հաւաքին գլխաւոր երեք նիւթերն են. քննարկել ընտանեկան հովուութեան ընթացքը ու զարգացումը, երկրորդ ուսումնասիրելու Լատին Ամերիկայի ընտանիքի յանձնախումբի եպիսկոպոսներու բերած նպաստը եւ երրորդը` գնահատել ընտանիքի հովուութեան ազդեցութիւնն ու առաքելութիւնը լատինամերիկայի ցամաքամասին վրայ։
Յայտնենք թէ Պանգոկի մէջ 16-20 յունիս տեղի կ'ունենայ միջազգային ժողով մը ընտանիքի մասին հովանաւորութեամբ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.