Հինգշաբթի 16 յունիս 2011, Նորին Սրբութիւնը այս առաւօտ ժամը 11-ին իր գրասենեակի մէջ
ընդունեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն 7 եպիսկոպոսներ, եկած՝ իրենց հնգամեայ
կանոնական այցելութիւնը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Իսկ ժամը 12-ին Սրբազան Քահանապետը
ունկնդրութիւն շնորհեց Ակոստինեան միաբանութեան մեծաւոր՝ Հայր Գորնէլիուս Բէդրուս Մայէրի։