2011-06-16 12:58:55

Նոր Աւետարանութիւնը Պարտականութիւնն Է Կաթողիկէ Ամէն Հաւատացեալին. ՜՜Հաւատքի խօսքը պէտք չէ մունջ մնայ՝՝։


Հռոմի թեմի եկեղեցական ժողովի աշխատանքները բանալով, Լատերանեան տաճարին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսաւ . Նոր Աւետարանութիւնը պարտականութիւնն է Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն, անիկա վերապահուած չէ խումբի մը։ Առանց բոլոր հաւատացեալներու մասնակցութեան Աստուծոյ խօսքը կրնայ մունջ մնալ։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց իր թեմի բոլոր անդամները, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու՝ Աստուծոյ խօսքը ճանչցնելու եւ տարածելու համար, մատնանշելով որ՝ տակաւին շատ մը անհատներ չեն ճանչնար Տէրը եւ անոնք մեր մտահոգութեան առարկայ պէտք է դառնան, անոնք պէտք է ճանչնան հաւատքի գեղեցկութիւնը եւ Աստուծոյ լոյսը։ Ասիկա պէտք է կատարենք ամենայն քաջութեամբ, համոզումով եւ ուրախութեամբ։ Ապա Սրբազան Հայրը վերակոչեց ոչ կնքուած չափահասներու հարցը ու եկեղեցիէն ու հաւատքէն հեռացողները։
Աւետարանի քարոզութիւնը, ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը, պէտք է վերսկսիլ աւանդութեամբ քրիստոնեայ հողամասերու մէջ եւ կրօնուսուցում կատարել հիմնուելով եկեղեցւոյ կրօնագիրքին վրայ, որ լոյս տեսաւ 20 տարի առաջ։
Նշենք թէ 13-16 յունիս Հռոմի թեմը իր եկեղեցական ժողովը կը կատարէ լատերանեան տաճարին մէջ ունենալով որպէս նիւթ ''նոր աւետարանութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.