2011-06-16 12:43:10

Յունաստան Քաօսի Մէջ։ Նոր Ցոյցերու Անդրադարձումները՝ Կառավարութեան Վրայ։


15 Յունիսին, Յունաստանի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարեցին մայրաքաղաքին մէջ՝ դատապարտելով կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք խնայողական յաւելեալ միջոցառումները, որոնք կապուած են երկրին հսկայ պարտքերը վերադարձնելու նպատակով միջազգային կառոյցներէ կառավարութեան ստանալիք վարկերուն:
Հարիւրաւոր ցուցարարներ ընդհարումներ ունեցան խորհրդարանը պաշտպանող ոստիկաններու հետ: Հսկայ ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի մէջ:
Միւս կողմէ, Յունաստանի Ընկերվարական Կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց հրաժարելու, ազգային համերաշխութեան կառավարութիւն մը գոյացնելու նպատակով, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հաստատ քայլերով դէմ դնել տնտեսական տագնապին:
Իսկ Միջազգային Ճնշումը կը զօրանայ ՍՈՒՐԻՈՅ վրայ։ Պաշար Ասսատ Թուրքիա Կ՝առաքէ Պատուիրակութիւն Մը։
Սուրիոյ մէջ կայացած առաջին ցոյցերէն երեք ամիս ետք,ցոյցերը յստակ ապստամբութեան փոխակերպուեցան Տամասկոսի վարչակարգին դէմ,եւ թէ զինուորական սանձումը կը շարունակէ զոհեր խլել։ Մինչ այդ Պաշշար Ասսատ Անգարա ուղղարկեց իր երկու բարձրաստիճան գործակատարները,մինչ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն,դարձաեալ հրաւիրեց Սուրիոյ Նախագահը անմիջապէս կիրարկելու բարեփոխութիւնները։ Այսօր բազմահազար սուրիացի ցուցարարներ առ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ վարչակարգին հաւաքուեցան Մազզէի մայրուղիին վրայ` բարձրացնելով սուրիական դրօշներ եւ Ասսատի նկարները: Անոնք նաեւ բարձրացուցին 2300 մեթր երկայնքով եւ 18 մեթր լայնքով սուրիական մեծագոյն դրօշակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.