2011-06-16 13:00:23

ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Ձեւաչափը Փաստեց Իր Արդիւնաւէտութիւնը » Կ՛ըսէ Ռոպըրթ Պրատքէ։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ երէկ ելոյթ ունենալով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող` ղարաբաղեան հարցով լսումներու ընթացքին, յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ղարաբաղեան տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանին իր արդիւնաւէտութիւնը փաստեց:
Ան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը բաւական ճկուն է եւ ունակ արագօրէն արձագանգելու շրջանին մէջ տեղի ունեցող բոլոր փոփոխութիւններուն:
Խօսելով համանախագահներու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան մասին` Պրատքէ յայտարարեց, որ կարեւորը այն է, որ կարելի եղաւ նոր պատերազմէն խուսափիլ:

Իսկ ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ նկատել տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը տագնապի լուծման գործին մէջ վճռական դեր ունի, «նուազագոյնը` երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւնները նախապատրաստելով»:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ եթէ հիմնարար սկզբունքները մօտիկ ապագային չընդունուին, ապա համանախագահները ստիպուած պիտի ըլլան նոր հայեցակարգ ներկայացնելու








All the contents on this site are copyrighted ©.