Կրօնական Նոր Հասարակութիւններու Մասին Ժողով Վատիկանի Մէջ։
Վատիկանի կառավարութիւնը 13 յունիսին խորհրդաժով գումարած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի
ներկայութեամբ, ուսումնասիրելու՝ կրօնաւորական նոր միաբանութիւններու կազմաւորումը եւ
իշխանութեան հարցը։ Հնազանդութեան մասին խօսելով՝ ընդգծուեցաւ թէ աշխարհական մը չի
կրնար ըլլալ մեծաւորը եկեղեցականի մը, նոյնիսկ երբ ան հիմնադիրն է այս միաբանութեան եւ
թէ հիմնադիրին կամքը չի կրնար գերազանցել Եկեղեցւոյ իշխանութեան եւ ուսուցումին։