2011-06-16 12:59:02

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Դասի Ընդհանուր Քարտուղարներու եւ Բանբերներու Ժողովի Նիւթն Է <<Եւրոպայի Նոր Աւետարանացում>>ը։


16 -21 յունիս Եւրոպայի Եպիսկոպոսական դասի Ընհանուր քարտուղարները եւ Բանբերները Լիթուանիայի մէջ կը գումարեն իրենց ժողովը որպէս նիւթ ունենալով <<Եւրոպայի նոր աւետարանացում>>ը։
Ընդհանուր Քարտուղարներու ժողովը տեղի կ՛ունենայ 16-19 յունիս. իսկ Բանբերներու ժողովը 18 - 21 յունիս։ Քարտուղարներու ժողովի ընթացքին պիտի շօշափուին զանազան նիւթեր, հայող աւետարանութեան` ինչպէս հաւատքի եւ մշակոյթի միջեւ կապերը, Հոգեւոր կեանքը եւ եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը ի տես արդի ապրելակերպի պայմաններուն ու ինչպէս նաեւ եկեղեցական կառոյցները եւ անոր խարիզմերը։
Նիստի ընթացքին կը ներկայացուին Եւրոպայի Եպիսկոպոսական դասի կազմակերպած միջազգային հանգամանք ունեցող ձեռնարկներ ինչպէս Մատրիտի 2011-ի երիտասարդաց համաշխարհային օրը, 2012 Միլանոյի մէջ նախատեսուած ընտանիքի համաշխարհային օրը եւ յունիս 2012-ի Սուրբ Հաղորդութեան համաժողովը Տուպլինի մէջ։
Հաղորդամիջոցներու ասպարէզէն ներս ժողովի ընթացքին անդրանիկ ներկայացումը կը կատարուի EuroCathInfo կայքէջին որուն պաշտօնական բացումը նախատեսուած է 2011 վերջաւորութեան ։
Եւրոպայի Եպիսկոպոսական դասի բանբերները 18 յունիսի յետ միջօրէին պիտի միանան քարտուղարներուն, միասնաբար խորհրդածելու՝ եպիսկոպոսական դասերէն ներս հաղորդակցութեան վերակազմակերպման նպատակով` Աստուծոյ խօսքը աւելի հարազատ կերպով հաղորդելու առաքելութեան համար, նկատի ունենալով կեանքի նոր պայմանները։
Արդ՝ այս վեհաժողովին կեդրոնական նիւթն է Նոր Աւետարանութիւնը։
Նիւթ մը որ Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց դասի նախագահները եւս պիտի քննարկեն յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսոյն նախատեսուած ժողովի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ալպանիայի մէջ եւ որուն պիտի նախագահէ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ Արքեպիսկոպոս Սալվաթորէ ֆիզիքելլա։
Այս հանդիպումները նախապատրաստական հանդիպումներ են, ի տես 2012 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ նախատեսուած եպիսկոպոսական սիւնոտոսին ՜՜Քրիստոնեայ հաւատքը ճանչցնելու եւ տարածելու նոր Աւետարանութիւն՝՝ բնանիւթով։>>
Նշենք թէ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական դասին մաս կը կազմեն 33 եւրոպական երկիրներու եպիսկոպոսական դասեր, որոնց աւելցնելու ենք Լուսսէմպուրկի Արքեպիսկոպոսները, Մոնաքոյի Իշխանապետութեան եպիսկոպոսը, Կիպրոսի Մարոնիթ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը եւ Մոլտավիոյ Քիզինաուի եպիսկոպոսը։ Համաժողովը կը նախագահէ Կարտինալ Փիթէր Էրտօ` Հունգարիոյ առաջնորդը։ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական դասի քարտուղարութեան աթոռը կը գտնուի Զուիցերիոյ Սէն Կալլէնի մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.