13-14 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով Երեւան
պաշտօնական այցելութիւն կուտայ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ: Այցելութեան
ընթացքին Պիլտթ հանդիպումներ կ՝ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար
Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Այցելութեան ընթացքին կը քննարկուին հայ-շուէտական համագործակցութեան
հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցեր, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու
վերջին զարգացումները եւ ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութեանց ներկայ փուլը, ինչպէս
նաեւ շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու հայող քննարկումներ։: