2011-06-14 12:42:12

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի Տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, Այս Շաբթուայ Խմբագրականը Յատկացուց Սուրիոյ։
՜՜Սուրիոյ Չարչարանքը՝՝ Վերնագրով։
Հայր Լոմպարտին անդրադարձաւ արաբական երկիրներու մէջ ընդհանրապէս վերջին շրջանի ընթացքին պատահած արարքներուն ու մտահոգութիւնը յայտնեց մանաւանդ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն համար, ուր - կը գրէ հայր Լոմպարտին- ամիսներէ ի վեր ականատես ենք մտահոգիչ բռնութիւններու իրականացման։ Սուրիոյ մէջ ապրող Յիսուսեան միաբանութեան անդամները վերջերս տեղեկագիր մը հրատարակեցին, որուն մէջ կը յայտնեն իրենց սէրը հանդէպ Երկրի մը ուր տարբերութիւններու միասնութիւնը աւանդութիւն է։ Երկիր մը ուր ցուցարարներ կը պահանջեն ընկերային եւ քաղաքական կեանքի բարելաւում բայց շփոթ վիճակի պատճառաւ բռնութիւններու դռները բացուեցան եւ վտանգ կայ որ բախումները դառնան կրօնական բախումներ ու պատճառ դառնան ընկերութեան փլուզումին։ Ասոր համար -կը հաստատէ հայր Լոմպարտին - պէտք է մերժուի բռնութիւնը ու դիմել երկխօսութեան։
Սուրիոյ Քրիստոնեաներուն համար, երկրին միութիւնը կեանքի պայման կը դառնայ եւ իրենք պատրաստ են գործնականօրէն նպաստելու լուրջ եւ անկեղծ երկխօսութեան հաստատումին։
Նորին Սրբութեան ուղղած խօսքը Սուրիոյ Ս. Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպանին, կը ներկայացնէ այս երկխօսութեան նախագիծը, իբր մէկնակէտ դնելով՝ ամէն անհատի արժանապատութեան յարգանքը։
Սրբազան Քահանայապետը յստակօրէն կը խօսի <<քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բարեկարգումներու անհրաժեշտութեան մասին, որոնք պէտք չէ որ իրականանան դիմելով անհանդրժողութեան,խտրականութեան եւ ընդհարումներու այլ յարգելով անհատի եւ հասարակութեան իրաւունքները, եւ դիմելով հաշտութեան ուղիին։
Արբազան Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ սուրիական ընկերութեան ներքեւ քրիստոնեաներու ունեցած շինարար դերին, իսլամներու հետ իրենց դրական յարաբերութիւններուն, համայն հասարակութեան բարիքը ապահովցնելու մտահոգութեան գծով։ Նորին Սրբութիւնը ապա կը խնդրէ Սուրիոյ իշխանութիւններէն որ ընդառաջեն քաղաքակիրթ ընկերութեան ձգտումներուն, համայն Միջին Արեւելքի համար խաղաղութիւնը հայցելով։
Պէտք է վճռական ըլլանք շրջանի փլուզումի վտանգին դէմ դնելու, որ կը ստիպեն շատերը հեռանալու իրենց ապրելավայրերէն։ Հարկ է դիմել խաղաղ եւ ներողամիտ երկխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.