2011-06-14 13:06:34

Էդուարդ Նալբանդեան Կ՝ընդունի Ամերիկացի Քաղաքագէտ Թոմաս Մելիա-ն ։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով փոխտեղակալ Թոմաս Մելիան:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ յաճախակի դարձած հայ-ամերիկեան փոխադարձ այցելութիւնները, քննարկուող բազմաթիւ հարցերը եւ բովանդակութիւնը կը վկայեն երկու պետութիւններու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ եւ գործընկերային յարաբերութիւններուն մասին:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Թոմաս Մելիա անդրադարձան ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռնարկած ջանքերուն, այդ ուղղութեամբ արձանագրուած դրական յառաջընթացին եւ հետագայ քայլերուն:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը միջազգային ու շրջանային հարցեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.