2011-06-14 13:19:22

Ասորի մը՝ Էրոլ Տորան Թուրքիոյ Խորհրդարանի Անդամ։


Թրքական Մամուլէն կը տեղեկանանք որ Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ազգութեամբ ասորի մը ընտրուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ:
Ըստ Թրքական մամուլին , քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան զօրակցութիւնը վայելող երեսփոխանական թեկնածու Էրոլ Տորան Մարտինի ընտրա-տեղամասին մէջ յաղթանակ արձանագրած է:

12 Յունիսի քաղաքական ընտրութիւնները հիմնական նոր բան մը չբերին Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքէն ներս,դարձեալ Թայիպ էրտողանի գլխաւորած (Adalet ve Kalkinma Partisi) Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը մնաց միահեծան իշխանութեան վրայ։ Վարչապետ Էրտողան յետ ընտրութեանց անդրադարձաւ նաեւ փոքրամասնութիւններու համար Սահմանադրութիւն ճանչնալու հարցին,որ կարեւոր կը նկատուի նաեւ թրքահայերու տեսանկիւնէն ալ։ Վարչապետ Էրտողան ըստ իր կուսակցութան կանոնագրութեան վերջին անգամն է որ երեսփոխան կ՝ընտրուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.