2011-ը Հայ Մանուկի Տարին։ Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։ Շինիչ Պատմութիւններ՝Մանուկներու
Համար։ ։ ՝՝ԾԵՐՈՒՆԻՆ
և ԻՐ ԽԵԼԱՑԻ ԿԻՆԸ՝՝
Ծեր մարդ մը, երիտասարդ ու խելացի կին մը ունէր: Անոնք շատ երջանիկ էին, սակայն զաւակ
չ'ունէին: Ծերունին, որպէսզի իր օճախը վառ մնայ, զաւակ մը ունենալու երազանքը ունէր:
Տարիներ կ'անցնէին, սակայն ծերունիին երազանքը չէր իրականանար: Օր մը, ան ձեռքերը
երկինք բարձրացուց, աղօթեց ու խնդրեց, որ Աստուած իրեն արու զաւակ մը պարգեւէ: Աստուած,
ծերունիին աղօթքը լսեց և կարճ ժամանակ մը վերջ իր կինը յղացաւ: Ան շատ ուրախ էր: Կնոջ
ըսաւ. - Մենք մանչ զաւակ մը պիտի ունենանք: Ես անոր անուն մը պիտի ընտրեմ: Լաւ դաստիարակութիւն
պիտի տամ, որպէսզի ան պատուարժան մարդ դառնայ: Կ'ամուսնացնենք, յետոյ զաւակներ կ'ունենայ
և այդ երախաները մեր հոգւոյ մխիթարութիւնն ու աչքի լոյսը կը դառնան: Ծերուկին կինը
խելամուտ անձ մըն էր, ըսաւ. - Նախ և առաջ ծննդաբերեմ, ծննդաբերելէ յետոյ ալ՝ մանչ
կը ծնի, թէ ոչ: Եթէ որդի մը ունենանք, այնքան կապրի՞նք, որ անոր երախաները տեսնենք: Քու
խօսքերը, մօրս ինծի պատմած մէկ պատմութիւնը կը յիշեցնեն: Ծերունին հետաքրքրութեամբ
հարցուց. - Մայրդ ի՞նչ պատմած էր: Կինը պատմել սկսաւ. - Դարեր առաջ, ճգնաւոր
մը առանձին կ'ապրի: Ան վաճառական բարեկամ մը ունի: Այդ վաճառականը, բարի գործ կատարելու
և դատաստանի օրը Աստուծոյ ողորմութեան արժանանալու համար, ճգնաւորին ամէն օր քիչ մը մեղր
ու քիչ մըն ալ կարագ կը նուիրէ: Ճգնաւորը, կարագին ու մեղրին մէկ մասը կ'ուտէ, իսկ մնացեալը
կարասի մը մէջ կը լեցնէ: Օր մը սապէս կը մտածէ. «Եթէ այս մեղրն ու կարագը շուկայ
տանիմ, լաւ գինով կը ծախեմ: Այդ դրամով ալ հինգ ոչխար կը գնեմ: Այդ ոչխարներէ ամէն ամիս
գառնուկ մը կը ծնանի: Ես ալ մեծ հօտի մը տէր կը դառնամ և վերջապէս կը հարստանամ: Հարուստ
ընտանիքի մը սիրուն աղջիկը կ'ուզեմ և անոր հետ կ'ամուսնանամ: Կինս ինծի մանչ զաւակ մը
կը պարգեւէ: Զաւակս լաւ կը դաստիարակեմ, իսկ եթէ իմ խրատականներս մտիկ չընէ այս ձեռնափայտով
անոր լաւ դաս կու տամ»: Երբ ճգնաւորը այսպէս կ'երազէ, ձեռնափայտը կը բարձրացնէ, որպէսզի
իր զաւկին դասը տայ, կարասին կը զարնէ: Կարասը կը կոտրի և մեղրն ու կարագը գետին կը թափին: Ծերունին,
իր կնոջ պատմութիւնը ուշի ուշով մտիկ ըրաւ ու ամօթով մնաց: Այլեւս չեղած բանի մասին չխօսեցաւ: Միջոց
մը վերջ, կինը գեղեցիկ մանչ զաւակ մը աշխարհ բերաւ: Ծերուկը և կինը փառք տուին, որ Աստուած
իրենց զաւակ մը պարգեւած է: Օր մը, կինը երախան ծերունիին յանձնեց և ընկերուհիին այցելութեան
գնաց: Հայր ու որդի տան մէջ առանձին մնացին: Այդ միջոցին դրան զանգակը հնչեց: Ծերունին
դուռը բացաւ: Դէմը, թագաւորին պատգամաւորը կեցած էր: Պատգամաւորը ըսաւ. - Թագաւորը
մանչ զաւակ մը ունեցաւ: Քեզ ալ պալատ կը հրաւիրենք, որպէսզի երախային համար միասնաբար
աղօթենք: Ծերունին ըսաւ. - Ես ալ երախայ մը ունիմ: Կինս տունը չէ: Չեմ կրնար գալ: -
Ոչ', ըսաւ պատգամաւորը և շարունակեց. - Թագաւորն ու հիւրերը քեզ կը սպասեն: Ծերունին
ճարահատ, իր երախան տան պահապան շնիկին թողուց և պատգամաւորին հետ միասին թագաւորին մօտ
գնաց: Քիչ վերջ, մեծ օձ մը սողալով երախային օրօրոցին մօտեցաւ: Պահապան շունը անմիջապէս
օձին վրայ յարձակեցաւ և սպաննեց: Որոշ ժամանակ մը վերջ ծերունին տուն վերադարձաւ:
Պահապան շնիկը, արիւնաթաթախ, իր տիրոջ առջեւ կանգնեցաւ՝ իր նուիրածութիւնն ու հաւատարմութիւնը
ցոյց տալով: Ծերունին արիւնաթաթախ շնիկը տեսնելով, կարծեց թէ ան իր երախան սպաննած էր:
Խելագարուած ծերունին՝ վշտով ու ցաւով, առանց երկար մտածելու, իր ձեռնափայտով խեղճ կենդանին
ծեծեց ու մեռցուց: Երախային մօտ վազեց: Զարմանքով քարացաւ, որովհետեւ իր երախան ողջ առողջ
օրօրոցին մէջ հօրը կը խնդար: Ծերուկը օրօրոցին կողքին, սատկած օձը տեսաւ և երկու ձեռքը
գլխին տանելով սկսաւ լալ ու ողբալ: « Երանի' որդի չունենայի ու այս անմեղ և հաւատարիմ
շնիկս չսպաննէի: Ինչ մեծ վիշտ ու դժբախտութիւն, որ որդուս կեանքը փրկած այս անմեղ ու
հաւատարիմ կենդանին, իմ ձեռքերով սպաննեցի»: Երբ կինը տուն վերադարձաւ, ամուսինը զինքը
լալով ու ողբալով դիմաւորեց: Պատահածը անոր պատմեց: Կինը շատ յուզուեցաւ և յետոյ ծերուկին
դառնալով ըսաւ. - Թող այս դէպքը քեզի դաս ըլլայ: Ով որ իր կեանքի մէջ անտեղի կը շտապի,
յաւիտենական չարաչար կը զղջայ: