2011-06-13 12:10:48

Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկեայ Մետալ-ը՝ Պոլսոյ Մարմարա Օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեանի։


Գումաբուի պատրիարքարանի ՝՝Պէզճեան՝՝ սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին այդ շրջանին Պոլիս գտնուող Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան շքանշաններ յանձնեց պոլսահայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու։ Այս առիթով ան Մարմարա-ի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեանի յանձնեց անոր 85-ամեակին առիթով Յունուար 2011-ին շնորհուած ոսկեայ մետալը։ Ընդունելութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Նախարար Յակոբեան մաղթեց, որ Պոլսահայ Գաղութին եւ Հայաստանի միջեւ կամուրջները աւելի ամրապնդուին ու կարելի ըլլայ իրականացնել տարբեր տեսակի ծրագիրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.