2011-06-13 12:10:37

Պոլսոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչուող Ցուցահանդէս ։


Պոլսոյ ՝՝Տեփօ՝՝ արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ վերջերս հայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի ցուցահանդէսը՝՝Այրող աչքեր խորագիրով՝՝։
Ցուցադրուած էին 96 լուսանկարներ, այսինքն մէկական նկար՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր անցած իւրաքանչիւր տարուան համար, իսկ ցուցահանդէսը բաժնուած էր հինգ մասերու՝ ներկայացնելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած ու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայկական նկատուող հին նահանգները՝ Վան, Կարին (Էրզրում), Բաղէշ (Պիթլիս), Տիգրանակերտ եւ Խարբերդ։
Լուսանկարողը թոռնիկն է Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու. ան 15 տարիներու ընթացքին սփիւռքի տարածքին Ցեղասպանութեան հետեւանքները քննած է իր Ոսպնեակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.