2011-06-13 12:01:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը Բացումը Կը Կատարէ Թեմական Տարեկան Համաժողովին, Նուիրուած՝ Մկրտութեան Դրոշմի եւ Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդներուն։


Երկուշաբթի 13 յունիս 2011 - Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10 ին Վատիկանի Պոլոնիա անուան սրահին մէջ տարեկան հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի զանազան նախարարութիւններու պատասխանատու՝ եկեղեցականներուն հետ , ուսումնասիրելու համար զանազան հարցերը ։ Իսկ յետ միջօրէի՝ ժամը 19.15ին, Սրբազան Հայրը ինքնաշարժով կը մեկնի դէպի Հռոմի Սուրբ Յովհաննու Լատերանեան Պազիլիքան եւ հոն ժամը 7.30-ին, բացումը կը կատարէ Հռոմի Թեմի Տարեկան Համաժողովին, նուիրուած՝ Մկրտութեան, Դրոշմի եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներուն։
Բացման արարողութիւնը կը նախատեսէ Հռոմի Թեմի Տեղապահ արքեպիսկոպոսի բարի գալուստի խօսքը, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը կ՛արտասանէ Համաժողովի բացման Ճառը։ Հուսկ գերապայծառ Անտրէա Լոնարտոն կը կատարէ համաժողովի նիւթերու ներկայացումը։ Ժամը 20.30ին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Վատիկան։
Նշենք երեքշաբթի 14 յունիսին համաժողովը կը շարունակուի նոյն պազիլիքայի մէջ, երեք վկայութիւններով որոնց աւարտին գերապայծառ Վալլինի՝ Հռոմի Թեմի Տեղապահ Արքեպիսկոպոսը, կը ներկայացնէ եզրափակիչ տեղեկագիրը ։
Սոյն համագումարին փակումը նախատեսուած է յառաջիկայ հինգշաբթի օրը՝ 16 յունիսին, Հռոմի զանազան ժողովրդապետութիւններու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.