2011-06-13 12:10:29

Շուէտի Արտգործոց Նախարարը Կ՝այցելէ Հայաստանը։


13-14 յունիսին ընդառաջելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրին, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Երեւան:
Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է, որ Պիլտթ հանդիպումներ ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել հայ-շուէտական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցեր, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերջին զարգացումները եւ ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութեանց ներկայ փուլը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու լայն շրջանակ մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.