2011-06-13 12:01:53

Կիրակի 12 Յունիս 2011, Հոգեգալստեան տօնին օրը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ նախագահեց Պենտէկոստէի Սուրբ Պատարագին ։


Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը, խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնին իմաստին վրայ։
<<Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դռները - ըսաւ ան - բաց են բոլորին համար անխտիր, որովհետեւ Սուրբ Հոգին զայն ստեղծեց որպէս <<բոլոր ժողովուրդներու եկեղեցի>> ոեւէ ցեղի, դասակարգի, կամ ազգի պատկանելիութենէն անդին։ Սրբազան Քահանայապետը ապա հաստատեց որ եթէ եկեղեցին ըլլար լոկ մարդու գործ մը, արդէն անիկա շատոնց անհետացած կ՛ըլլար։
Քրիստոնեաներուս համար - շարունակեց Նորին Սրբութիւնը - աշխարհի ստեղծագործութիւնը պտուղն է Աստուծոյ սիրոյն, եւ Աստուած կը յայտնուի իր ստեղծագործութեան միջոցաւ։ Աստուած՝ անյայտ անձ մը չէ։ Ունի Դէմք մը։ Աստուած միտք է, կարողութիւն եւ սէր։
Աստուած գեղեցկութիւն է որ կեղծուեցաւ մարդուն մեղքին պատճառաւ, ասոր համար հարկաւոր էր Քրիստոսի փրկչագործ միջամտութիւնը։
՜՜Ու Յարուցեալ Քրիտոսը իր աշակերտներուն ղրկեց մխիթարիչ մը` Սուրբ Հոգին՝՝։ Պենտէկոստէի իրողութիւնը զանազանութեանց մէջ իրար հասկնալն է։
Հաւատքը, յոյսն ու սէրը կը կազմեն Աստուծոյ նոր եկեղեցին, եւ Սուրբ Հոգին է որ կեանք կու տայ եկեղեցւոյ։
Եկեղեցին Սուրբ է ոչ թէ անոր անդամներուն առաքինութիւններուն համար այլ որովհետեւ Աստուած Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ զայն ստեղծեց, մաքրագործեց եւ սրբացուց։
Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մեկնաբանեց Աւետարանի այն հատուածը որ կը խօսի Յիսուսի Յայտնութեան մասին ու աշակերտներու ուրախութեան մասին որ վերագտած էին իրենց վարդապետը՝ իրենց <<Բարեկամը որ յաղթեց խաւարին >> ։
Յաւարտ Ս Պատարագիր, Նորին Սրբութիւնը արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը խմբուած իտալացի եւ օտարազգի բազմութեան։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Գերմանիոյ մէջ կայանալիք Ալոյիզ Անտրիցքիի Երանելիութեան արարողութեան, ու նոր երանելիին <<հերոսական հաւատքին>> մասին . ապա եզրափակեց իր խօսքը հայցելով Սուրբ Հոգւոյն բարեխօսութիւնը, որպէսզի խաղաղութիւնը տիրէ աշխարհի վրայ եւ զէնքերու տեղ հաստատուի երկխօսութիւնը, ու անձնական շահերու տեղ յարգուի մարդու արժանապատութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.