2011-06-13 12:10:22

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» Երգչախումբի Տարեկան Ելոյթը։


Շաբաթ, 11 յունիս 2011-ի երեկոյեան,Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը իր տարեկան ելոյթը ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան:
Համերգը որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Յայտագիրը կ՝ընդգրկէր Եկեղեցական շարականներ ու մեղեդիներ. ու նաեւ ազգային հայրենասիրական երգեր
Խումբին ղեկավարն էր, Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ Հայաստանի մէջ կարճ ժամանակ հետեւելով երաժշտական դասընթացքի, իր գիտութիւնը ճոխացուցած ի սպաս կը դնէր կաթողիկոսարանի երգչախումբի որակի բարձրացման: Ի դէպ երգչախումբի երգիչ-երգչուհիները, որոնք կամաւորաբար մաս կը կազմեն «Շնորհալի»ին, կրցան իրենք զիրենք գերազանցելու փորձ կատարել` հետեւելով իրենց գեղարուեստական ղեկավարին ցուցմունքներուն:


Արամ Ա. կաթողիկոս այս առթիւ իր գնահատանքի ու օրհնութեան խօսքին ընթացքին շեշտեց «Շնորհալի» երգչախումբին յատուկ տեղը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ: Կաթողիկոսարանի տարբեր բաժանմունքներու աշխատանքին հետ, Մայր տաճարին մէջ մատուցուող սուրբ պատարագներէն սկսեալ մինչեւ երգարուեստի ճամբով հայ մշակոյթի տարածման ազդակ ու միջոց նկատեց վեհափառը «Շնորհալի»ն, որ շուրջ 40 տարիներէ ի վեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով կամաւոր ծառայութեան լծուած է:
Երաժշտութիւն մը միայն ճիշդ երգելը կամ նուագելը չէ՛, ըսաւ Արամ Ա. այլեւ` ոգիի ու ազգային պատմութեան հարազատ ապրումն է: Ես ուրախ եմ, որ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ հայ մշակոյթի ու հայ երաժշտութեան նկատմամբ բծախնդիր մօտեցում ունինք: Ժողովուրդի կեանքին մէջ մշակոյթը էական է: Անիկա ձայնի, ձեւի, գոյնի ճամբով անձը կը հրաւիրէ երկրէն երկինք նայելու: Եթէ երգը կ՛ազնուացնէ մարդը, հապա անոր բարձրորակ կատարումը կը գեղեցկացնէ հոգին» եզրակացուց վեհափառը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական կատարումով` երգչախումբին ու ժողովուրդին կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.