2011-06-11 13:45:56

Ռատիօ Վատիկանի 80.երորդ Տարեդարձի առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։
Այսօր կը խօսինք Վատիկանի Ձայնասփիւռի ուղղակի եթերով հաղորդուած ՝՝105 Ուղղակի Եթեր՝՝ ՝՝Programma 105 live ՝՝(Ուան/Օ/ֆայվ ) Յայտագրի մասին։


Ռատիօ Վատիկանի այս յայտագիրը ծագում առաւ 2000 թուականին,Երկուհազարի Յոբելինական Տարուայ յարակից, արդարեւ կը կոչուէր ՝՝Jubileum՝՝ եւ կը ձայնասփռուէր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ մինչեւ երեկոյան ժամերը, միշտ ուղղակի եթերով, ծառայելու համար այն բոլոր ուխտաւորներուն որոնք աշխարհի չորս ծագերէն պիտի գային յաւիտենական քաղաք Հռոմ։
Այս ձայնասփռումներուն Յոբելինական Տարույա երկայնքին լսելի եղան մարդոց վկայութիւնները Եկեղեցւոյ ականջով,Պապին ուսուցումը Աստուծոյ ժողովուրդի եւ ոչ-հաւատացեալներու հակազդեցութիւններով, ՝՝Հակաճառութիւն եւ Ստեղծագործութիւն՝՝ կարգախօսով։ Այս շրջանը եղաւ նաեւ բարեբաստիկ շրջան մը Ռատիօ Վատիկանի 40 տարբեր լեզուներու պատկանող խբագրութիւներուն,քանի անոնց ալ առիթ տրուեցաւ ձայնասփռելու իրենց հաղորդումները իրենց մայր լեզուներով,ինչպէս Հայերէնով օրինակի համար տեղի ունեցան յայտագիրներ ամիսը անգամ մը,տարի մը շարունակ։

Երբ Յոբելինական Տարին վերջ գտաւ տնօրէնութիւնը աշխատեցաւ որպէսզի իւրացնէ ամբողջ տարուայ մը այդ ճոխ ժառանգութիւնը՝ իր բազմատարրութեամբ,միջ-գործունէութեամբ եւ ոճի սահունութեամբ։ Յայտագիրը փոխեց իր անունը առնելով ձայնասփռուած ալիքին անունը անգլերէնով այն է Մէկ-Զերօ-Հինգ One-O-Five (105FM) ապա վերակազմուեցաւ խմբագրութիւնը,ձայնասփռումի լեզուները,եւ ծրագրաւորումի ժամերը։ Բայց ոչ բովանդակութիւնները եւ ոչ ալ արտայատութեան կերպը ու ձեւաւորումը ,անոնք մնացին անփոփոխ ։ Այս հաղորդումը դարձաւ իտալական կայան մը ունենալով իր մէջ Իտալերէն,Անգլերէն եւ ֆրանսերէն առօրեայ լրատուութիւնները ։ 2006 թուականին 105 Կայանին (Canale 105ին ) մաս կազմեց մշակութային նոր յայտագիր մը այն է Pagine e Fogli (Էջեր եւ Թուղթեր) սկզիբ առած 1982ին ,որպէս խոհուն յայտագիր մը, բայց ունկնդրութեան հաճելի ,լեցուն մէջբերումներով ,ընթերցումներով ու նաեւ բաղդատութիւններով ընդ մէջ Պապի Ուսուցումին եւ ժամանակակից մշակոյթի։ Միշտ 2006-ին տեղի ունեցաւ ներմուծումը Ռատիօ Վատիկանի իտալերէն լեզուով պատմական այլ մէկ ձայնասփռումը այն է Orrizzonti Cristiani (Քրիստոնեայ Հորիզոններ) որ սկիզբ կ՝առնէր 1931ին,Վատիկանի Ռատիոկայանի բացումով, որու յատկանշումը եղաւ միշտ ՝՝մշակոյթի զարգացումը որպէս միջոց աւետարանացումի,առօրեայ խորհրդածութիւներու առաջարկով՝՝։
Այսպէս Կայան 105-ը առաւել ճոխացնելով իր յայտագիրները ,տեղեկութիւններով Եկեղեցւոյ մասին,ու տեղեկութիւններ Իտալիայէն դուրս,քաղաքական-տնտեսական վերլուծումներ, ընկերային-մշակութային երեւոյթներ, ապա մարմնակրթանք, բժշկութիւն, ծանօթացնելով միաժամանակ Իտալիոյ ժողովրդական աւանդութիւնները։

Կարելի է ըսել որ Կայան 105-ի առաքելութիւնը այսօր ալ չէ փոխուած ,Ռատիօ Վատիկանի առօրեայ ուղղակի եթերով այս հաղորդումը կը շարունակէ մեկնաբանել եղելութիւնները եւ դէպքերը ՝քրիստոնեայի աչքով,նաեւ հիւրերու մասնակցութեամբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.