2011-06-11 13:43:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ճառը Գնչու Հասարակութեան ։


՜՜Օ Տէլ սի Թումէնդսա - Տէրը ձեր հետ՝՝- այս նախադասութեամբ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր խօսքը ուղղուած՝ աւելի քան 2000 եւրոպացի գնչուներուն, որոնք Վատիկանի մէջ ընդունուեցան Նորին Սրբութեան կողմէ։
Իր շնորհակալութեան խօսքէն ետք գերապայծառ Վէլիօ արքեպիսկոպոսին ու ձեռնարկը կազմակերպող հաստատութիւններուն, Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի 1965-ին՝ գնչուներուն արտասանած խօսքը <<դուք եկեղեցւոյ մէջ կ՛ապրիք որպէս կեդրոն եւ կղզիացած չէք>> ու աւելցուց ես ալ ձեզի կ՛ըսեմ <<դուք եկեղեցւոյ մէջ էք>>։
Ձեր հասարակութիւնը եկեղեցւոյ պարգեւեց երանելի Ծեֆֆերինոն որ սիրեց եկեղեցին եւ կեանքը զոհեց իր հաւատքին համար։ Ան եղաւ սուրբ Վարդարանի իսկական նահատակ մը քանի որ իր մահուան ժամուն նոյնիսկ չուզեց անջատուիլ սուրբ Վարդարանէն։
Ձեր պատմութիւնը կնճռոտ է եւ միաժամանակ ցաւալի։
Պատմութեան ընթացքին դուք ձգտումը չունեցաք տէր դառնալու հողամասի մը ու նկատեցիք տիեզերքը որպէս մայրենի տուն։
Այսուհանդերձ մտահոգիչ հարցերու դիմաց կը գտնուիք, ինչպէս՝ ձեր շուրջ գտնուող հասարակութիւններուն հետ յարաբերութիւն մշակելը։ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին, դուք եւս ականատես եղաք եւ ենթակայ՝ աղէտներու։ 2006-ին՝ աւելցուց Պենետիկտոս Ժզ., Աուշվից այցելութեանս ընթացքին, ծնրադիր յարգանք մատուցի նաեւ ձեր նահատակներու յուշաքարին առջեւ։
Եւրոպայի խիղճը չի կրնար մոռնալ այսքան տառապանք։
Ձեր ժողովուրդը այսուհետեւ երբեք թող չենթարկուի այս դաժանութիւններուն։ Դուք ալ ձեր կարգին հետապնդեցէք արդարութիւնը, օրինականութիւնը, հաշտութիւնը եւ ջանացէք պատճառ չդառնալ ուրիշի մը տառապանքին։

՜՜Այսօր, փառք Տիրոջ, կացութիւնը փոփոխութեան մէջ է եւ նորանոր պատեհութիւններ կը ներակայանան ձեր դիմաց՜՜, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց. ՜՜ Ձեզ կը հրաւիրեմ ձեր եւրոպական պատմութեան մէջ նոր էջ մը գրելու ու ձեր զաւակներուն ապահովեելու՝ դաստիարակութիւն, կեցութեան վայր եւ համարկում եւրոպական ընկերութեան մէջ։ Դուք եւս կանչուած էր Նոր աւետարանացումի առաքելութեան մասնկիցները ըլլալու։
Եկեղեցւոյ փափաքն է որ բոլոր զաւակները իրենք զիրենք ճանչնան որպէս ՜՜նոյն Հօր զաւակներ՝՝ եւ անդամ՝ միեւնոյն մարդկային ընտանիքին։ Պենտեկոստէի նախօրեակին ձեր վրայ եւս կը հայցեմ սուրբ Հոգւոյն շնոհքները եւ սուրբ Ծէֆֆէրինոյի ու Սուրբ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը - ըսաւ նորին սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը ու ապա տուաւ իր հայարական օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.