2011-06-11 13:39:27

Հետիոտն Ուխտագնացութիւնը Դէպի Լորէթօ Մարեմեան Սրբավայրը։


Շաբաթ 11 յունիս 2011-ի՝ երեկոյեան ժամը 20.30-ին, սուրբ պատարագի արարողութեամբ՝ սկիզբ կ՛առնէ Մաչերաթայ - Լորէթօ Հետիոտն՝ տարեկան 33րդ ուխտագնացութիւնը, կազմակերպուած՝ Comunione e Liberazione կաթողիկէ շարժումի նախաձեռնութեամբ։ Սուրբ Պատարագի Զոհը կը նախագահէ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի քարտուղար՝ Ժան Լուի Պրիւկէս Արքեպիսկոպոսը, մասնկացութեամբ՝ Մարգէ նահանքի եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին։
Սրբազան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մաչերաթայի մարզադաշտին մէջ, ուր պատարագէն անմիջապէս առաջ մուտք կը գործէ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ անցեալ 8 յունիսի ընդհանուր ունկնդրութեան ատեն օրհնուած <<խաղաղութեան Ճրագը>> որ չորս օրուայ ճանապարհորդութենէ ետք հասաւ Մաչերաթայ։
Յաւարտ սուրբ պատարագին, սկիզբ կ՛առնէ հետիոտն ուխտագնացութիւնը։Անիկա 27 քմ երկարութեամբ աղօթքի, վկայութեան եւ խորհրդածութեան ուղեւորութիւն մը։ Աղօթքի դիտաւորութիւնները նուիրուած են, ինչպէս միշտ, դպրոցական տարեշրջանի փակման, ու քննութիւններու փայլուն յաջողութիւններուն։
Աղօթք կը մատուցուի նաեւ՝ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան հաստատումին համար, ինչպէս նաեւ՝ Հայիթի ժողովուրդին դիտաւորութեան։
՜՜Մաչերաթա - Լորէթօ Հետիոտն 2011՝՝ տարեկան ուխտագնացութիւնը կը դասուի Մատրիտի 2011-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ եւ յառաջիկայ սեպտեմբերին Սուրբ Հաղորդութեան 25-րդ Համաժողովի նախապատրաստական ծիրէն ներս ։








All the contents on this site are copyrighted ©.