2011-06-11 13:41:38

Կիրակի 12 Յունիս 2011, Պենտեկոստէ Է՝ Ս. Հոգւոյն Գալստեան Տօնը։


Նոր Կտակարանի հրաշալի զանազան դէպքերու եւ երեւոյթներու մէջ, Հոգեգալստեան դրուագը՝ վերջինն է. (ճշգրտուած թուականով՝ դէպքը պատահած է 30 թուի 28 Մայիսին)։
Աւետարաններու մէջ, միայն Հոգեգալուստի ակնարկութիւններ կան. եղելութիւնը՝ տրուած է ՜՜Գործք Առաքելոցի՝՝ էջերով (Գլուխ Բ. 1-12 համարները։)
Յիսուսի մարդեղինացած կեանքը նախասահմանեալ եւ կարճ շրջանի մը համար, վերջ գտած էր։ Պէտք էր որ կեանքի Նոր Վարդապետութեան սկզբունքները սեփականութիւն դառնային բոլոր ազգերուն։
Նոր Կտակարանը, ի տարբերութիւն Հինին, պէտք է նորացած պատգամներով եւ սկզբունքներով դուրս գար Ընտրեալ միակ ժողովուրդի մը շրջագիծէն, եւ իր մէջ ընդգրկէր առանց խտրութեան ՜՜ ամբողջ մարդկութիւնը՝՝։
Սակայն, տիեզերական Նոր Վարդապետութեան կամ նոր կրօնի տարածման եւ հիմնադրման համար, ի՞նչ ուժ կը ներկայացնէին Յիսուսի առաքեալները եւ անոնց աշակերտները։
Ծանօթ է, որ ընտրուած Առաքեալները Գալիլիացի պարզունակ անձեր էին. եւ պարզ ու բնական պայմաններու մէջ, անոնք պիտի չկարենային Բանին Ճշմարտութիւնը փոխանցել քաղաքակիրթ կամ ոչ-քաղաքակիրթ շատ ու շատ երկիրներու մէջ, տարբեր մշակոյթներով ու տարբեր լեզուներով ապրող ժողովուրդներուն։
Մեծ առաքելութեան անկարելիութիւնը՝ տրուած պայմաններուն մէջ, ակներեւ էր եւ յստակ Յիսուսի համար, որ իր Համբարձումէն ետք, չյանձնարարեց Առաքեալներուն որ քարոզչութեան սկսին. այլ՝ թելադրեց սպասել Հոգիի Գալուստին։
՜՜Եւ ահա ես կ՝առաքեմ ձեզի իմ Հօրս խոստումը. իսկ դուք նստեցէք Երուսաղէմ քաղաքը, մինչեւ որ զօրութեամբ զգեստաւորուիք բարձունքներէն՝՝ կը կարդանք Ղուկասու Աւետարանին մէջ։
Անհրաժեշտութիւն էր Ս. Հոգւոյն ուժով նորանալը, հեռաւոր ազգերու եւ ժողովուրդներու մէջ կարենալ փոխանցելու համար Նոր Կրօնին իմացումն ու համոզումը, եւ պէտք պիտի ըլլար անտարակոյս, եւ անշուշտ անհրաժեշտ պարագային, նոյնիսկ զոհաբերուիլ գաղափարներու սիրոյն։
Առաքեալները պէտք է որ զինուէին հոգեկան ուժով, անընկճելի հաւատքով, լեզուներով, լաւատեսութեան համոզումներով, յաղթանակի հեռանկարներով եւ իւրայատուկ կարողութիւններով։
Չուշացաւ Յիսուսի Յիսուսի խոստացած օրը։ Իր համբարձումէն 10 օր ետք՝ իջաւ Սուրբ Հոգին։ Եւ այդ օրէն, հիմը կը դրուի Մեծ Վարդապետութեան իմանալի տաճարին։
Վերնատան մէջ ամէնքը կը լեցուէին Ս. Հոգիով. կը լիցքաւորուէին անհրաժեշտ իմացական զրահներով որով անոնք պիտի յաջողէին Նոր Վարդապետութիւնը դուրս բերել Երուսաղէմի, Գալիլիոյ կամ Պաղեստինի սահմաններէն եւ պատգամել բոլոր ցամաքամասերու մարդկութեան։
Հոգեգալուստը՝ հաւատքի, յոյսի, ոյժի, սիրոյ, զոհաբերութեան մարդկային ամենէն ազնիւ առաքինութիւններով եւ կարողութիւններով հոգելցուելու խորհուրդ ու հրաշքն էր ։ Անով՝ ընդմիշտ կ՝երաշխաւորուէր Նոր Կրօնի հիմնաւորումը եւ անոր հաստատ տարածումը ժամանակի եւ տարածութեան մէջ։
Նշենք թէ Աւետարաններու մասնագէտ մեկնաբաններու համաձայն, ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻՆ՝ ընծայուած շնորհքներէն հաւասարապէս օգտուած են վերնատան մէջ այդ միջոցին ներկայ գտնուած 120 հոգի. Առաքեալներ, Աշակերտներ, Տիրամայրը, Իւղաբեր կիներ եւ այլք։
Հոգեգալստեան տօնը կը նկատուի Գալուստ, Մխիթար, Աղաւնի, Սիրարփի... անուն կրողներու անուանատօնախմբութեան առիթ։








All the contents on this site are copyrighted ©.