2011-06-11 13:39:12

Եւրոպացի 2000 Գնչուներու ուխտագնացութիւնը Վատիկան եւ Հռոմ։


Սպանացի գնչու՝ երանելի Ծէֆֆէրինօ Ճիմէնէս Մալլայի մարտիրոսութեան 75 ամեակին եւ անոր ծննդեան 150 ամեակի ուխտագնացութեան զոյգ առիթներով աւելի քան 2000 եւրոպացի գնչուներ ժամանած էին Հռոմ, անոնք առիթը ունեցան հանդիպելու Պնենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։
Հանդիպումը կազմակերպուած էր Փախստականներու Եւ Գաղթականներու Քահանայապետական Հովուութեան Խորհուրդի կողմէ։
Գնչու հասարակութիւնը որուն թիւը, աշխարհի մէջ, 36 միլիոնի կը հասնի կազմուած է զանազան ցեղերէ որոնցմէ յիշենք Րոմերը, Սինդիները, Մանուսքեները, Գալէները, Եէնիքէսները, Րոմանիքալս եւայլն...թէեւ այս բոլորը որպէս գնչու ճանչցուած են ։ Գնչուներու մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է Հնդկաստանի մէջ ուր կ՛ապրին 18 միլիոն գնչուներ եւ ուր մի քանի ամիս առաջ ծագումով գնչու քահանայ մը եպիսկոպոս անուանուեցաւ։ Հոն կան նաեւ 2 տեղապահ եպիսկոպոսներ, 25 քահանաներ եւ ուրիշ 30 մայրապետներ։ Գնչուներու 12 - 15 միլիոնը կ' ապրին Եւրոպայի մէջ, մինչ գրեթէ մէկ միլիոնը կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ 900 հազարը Պրազիլի մէջ։Իսկ եւրոպական երկիրներու մէջ Րումանիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ կ՛ապրին 2 - 2.5 միլիոն գնչուներ։
Ասիկա առաջին անգամն է որ քահանայապետ մը ունկնդրութիւն կը շնորհէ գնչու հասարակութեան մը։ 1965-ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. հանդիպիում մը ունեցած էր գնչուներու փոքր խմբակի մը հետ, իսկ երանելի ՅՊԲ. 2000 -ին՝ ներողութիւն խնդրած էր գնչուներու դէմ գործադրուած արարքներուն համար։
Այս առիթով Ռատիովատիկանի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Գաղթականներու եւ Փախստականներու Քահանայապետական Հովուութեան Խորհուրդի նախագահ՝ Վէլիօ Արքեպիսկոպոսը, հաստատած է թէ՝ եկեղեցւոյ դերը եւ առաքելութիւնը հիւրնըկալ ըլլալն է եւ օգնութիւն մատուցելը քրիստոնեաներուն յաղթահարելու գնչուներու հանդէպ տարածուած վախն ու անվստահութիւնը եթէ ոչ անոնց մերժումը։ Ասոր համար է որ ան կը հետեւի այս փոքրամասնութեան իրաւունքներու ճանաչումին, միեւնոյն ատեն նեցուկ կանգնելով այս հասարակութեան համարկումին պահանջելով որ իրենց կարգին գնչուները եւս ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը։
Նշենք թէ՝ շատ մը երկիրներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ, նորանոր ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, գնչուներու դրական համարկումի ի նպաստ, յարգելով մարդկային հիմնական իրաւունքները ինչպէս՝ դաստիարակութիւնը, աշխատանքը, մարդու արժանապատուութեան վայել բնակավայրը եւ բժշկական դարմանումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.